Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը

Երէկ` երեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 2009-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամները` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ վեհափառին ու ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: