Խաբուսիկ Տպաւորութիւն

«ԱԶԴԱԿ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընի կատարած յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը թուի, որ պատասխան է Թուրքիոյ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ ընդհանրապէս պաշտօնական Անգարայէն հնչած մտահոգութիւններուն, բողոքներուն եւ սպառնալիքներուն։

Միանգամայն պէտք է նախ հաստատել, որ խաբուսիկ է այդ տպաւորութիւնը։ Ճիշդ է, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը դրական քայլ կը նկատէ Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի որոշումը. այսուհանդերձ, աւելի ուշադիր ընթերցումը, կատարուած յայտարարութեան բնագրին այլ ուղղութեամբ մտածելու նախանշաններ կը փոխանցէ ընթերցողին։

Այսպէս. «Դատարանի վճիռը թոյլ կու տայ արձանագրութիւնները, այն տեսքով, ինչպէս անոնք եղած են բանակցութիւններու եւ ստորագրման պահուն, տանիլ խորհրդարան՝ վաւերացման։ Որեւէ տպաւորութիւն չկայ, թէ դատարանի վճիռը կը սահմանափակէ կամ որեւէ ձեւով կը բնորոշէ արձանագրութիւնները»։ Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը արդէն լրջօրէն կը մօտենան արձանագրութիւններուն եւ կոչ ուղղած է «ողջամիտ ժամկէտի մէջ վաւերացնելու արձանագրութիւնները»։

Միշտ պահելով յայտարարութեան ընդհանուր պարունակի տրամաբանութիւնը՝ պէտք է տարբաղադրել յայտարարութիւնը քանի մը բաժինի, որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ դրական գնահատականով սկսող տպաւորութեան խաբուսիկութիւնը։

Յայտարարութեան եզրակացութիւնը կը թուի, որ կը վերաբանաձեւէ Հայաստանի նախագահի ուղերձին այն բաժինը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէր խելամիտ ժամկէտի մէջ վաւերացնել արձանագրութիւնները, այլապէս ստիպողաբար Երեւանը պիտի նախաձեռնէր միջազգային օրէնքի սահմաններու ճշդած շրջագիծին մէջ համապատասխան քայլերու։ Այստեղ, սակայն, մեծ է տարբերութիւնը։ Խելամիտ ժամկէտի պահանջը ուղղուած է երկու կողմերուն՝ տրուած ըլլալով, որ հազիւ քանի մը բառ առաջ կը խօսուի երկու կողմերուն արձանագրութիւններուն նկատմամբ լուրջ մօտեցում ցուցաբերած ըլլալուն մասին։ Պատասխանատուութեանց եւ ակնկալութիւններու յստակ հաւասարեցում կայ ամերիկացի պաշտօնատարին կողմէ, հակառակ անոր, որ կրնայ տպաւորութիւն ձգած ըլլալ հայկական կողմի պահանջը վերաբանաձեւած ըլլալու՝ կրկնելով խելամիտ ժամկէտի հասկացողութիւնը։

Մտահոգող բաժինը առաջին տողերուն մէջ կը կայանայ։ Անմիջապէս դրական նկատելէ ետք Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը կը խօսի «որեւէ տպաւորութեան» մասին՝ ըսելու համար, որ դատարանի վճիռը չի սահմանափակեր կամ չի բնորոշեր արձանագրութիւնները։ «Որեւէ տպաւորութիւն» ըսելաձեւը համընդհանուր տպաւորութեան ծխածածկոյթ յառաջացնելու կը միտի։ Կը նշանակէ՝ ընդհանրապէս արձանագրութիւններու սահմանափակման կամ բնորոշման հարց գոյութիւն չունի։ Մինչդեռ, արտայայտուող դիւանագէտը իրաւունք ունի միայն իր ներկայացուցած պետութեան տպաւորութիւններուն, համոզումներուն կամ որոշումներուն մասին խօսելու։ Անկախ անկէ, որ պաշտօնական կեցուածքներ փոխանցելու պահուն օրինաչափ չէ տպաւորութիւններով խօսիլը։ Նման ըսելաձեւի օգտագործումով Ֆիլիփ Կորտըն յստակ փորձ կը կատարէ կանխարգիլելու վերապահումներու ձեւակերպման հնարաւորութիւնները։

Տակաւի՛ն. այս միտումը աւելի կը յստականայ, երբ իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ, թէ դատարանի վճիռը թոյլ կու տայ արձանագրութիւնները իր ներկայ տեսքին մէջ տանիլ խորհրդարան եւ վաւերացնել։ Ըսել կ՛ուզուի, որ դատարանի որոշումին վերջին բաժինը, ուր կը հաստատուի արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը, միակ նկատի առնուելիք բաժինն է։ Մնացեալը որեւէ սահմանափակում կամ բնորոշումի տեղի չի տար եւ որուն համար ալ արդէն հակառակ տպաւորութիւնը գոյութիւն չունի։ Այս արդէն կը ջրէ թէ՛ Սահմանադրական դատարանի առած քայլին նկատմամբ Կորտընի կատարած դրական գնահատականը, թէ՛ խելամիտ ժամկէտի ձեւախեղուած օգտագործումը։

Զարմանալին այն է, որ հայկական լրատուական միջոցներու կարգ մը ներկայացուցիչներ խնդրոյ առարկայ յայտարարութեան լրատուութիւնը կատարած պահուն խորագիր ընտրած են ամերիկացի դիւանագէտին Սահմանադրական դատարանին առած որոշումը դրական գնահատելը՝ անտեսելով ամբողջ մնացեալ բաժինը։

Միացեալ Նահանգներ ցոյց կու տայ այս հարցին մօտենալու հետեւողականութիւն։ Ինչպէս արձանագրութիւնները Ցիւրիխի մէջ ստորագրել-չստորագրելու իրավիճակի փրկութեան հիմնական դերը ինքնաստանձնած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, այնպէս ալ վաւերացնել-չվաւերացնելու ենթադրեալ փակուղիէն հեռու կ՛ուզէ պահել գործընթացը՝ Ցիւրիխի փրկիչին տեղակալը։ Այդպիսի տպաւորութիւն կը ձգէ ամերիկացի պաշտօնատարին յայտարարութիւնը։